
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան բանտերու վարչութեան լրատուական ծառայութեան ղեկավար Արսէն Բաբայեանի տեղեկութիւններով, պայմանական վաղաժամկէտ ազատ արձակման հարցերով անկախ յանձնաժողովը Ապրիլ 20ին ընդունած է Հայ Ազգային Կոնգրեսի համակիր, ընդդիմադիր գործիչ Արամ Բարեղամեանը որոշուած ժամկէտէն առաջ ազատ արձակելու մասին միջնորդութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Բարեղամեան 2008ի յետընտրական իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ դատապարտուած էր վեց տարուան բանտարկութեան: