Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը խստօրէն դատապարտեց նախագահ Տանըլտ Թրամփի ամօթալի նահանջը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն, որ յստակօրէն դրսեւորուեցաւ Սպիտակ տան կողմէ Ապրիլ 24ի տարեկան յայտարարութեան մէջ «ցեղասպանութիւն» եզրը չյիշատակելու՝ անոր որոշումով, որ արդիւնք էր թրքական ճնշումներուն առջեւ տեղի տալու՝ անոր անողնայար կեցուածքին։
Մեկնաբանելով Թրամփի յայտարարութիւնը՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ըսաւ հետեւեալը․ «Ամերիկայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն նախագահ Թրամփի նահանջը թրքական սպառնալիքներուն առջեւ տեղի տալու խայտառակ քայլ մըն է, ամօթալի հրաժարում ամերիկեան պատասխանատուութենէ՝ կանխելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի շարունակական ցեղասպանական յարձակումները հայերու դէմ։ Արցախի բնիկ քրիստոնեայ հայ բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի իրականացուցած ցեղային զտումէն, հայ ռազմագերիներուն նկատմամբ շարունակուող բռնութիւններէն, հայկական քրիստոնէական ժառանգութեան ոչնչացումէն եւ Հայաստանի գերիշխան տարածքի բռնագրաւումէն ետք, նախագահ Թրամփ պէտք է ոչ միայն ճանչնայ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ պէտք է կանխէ անոր շարունակութիւնը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ»:
2024ի նախագահական ընտրապայքարին ընթացքին, Թրամփ խոստացած էր «վերականգնել խաղաղութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ եւ կասեցնել բռնութիւնը եւ ցեղային զտումները»: «Ցեղասպանութիւն» եզրը չօգտագործելը՝ Անգարայի ճնշումներուն տակ, ուղղակի կը հակասէ այդ խոստումին:
«Այս քայլը պարզապէս դիւանագիտական սխալ մը չէ, այլ դիտաւորեալ նահանջ ճշմարտութենէն եւ վտանգաւոր ազդանշան մը՝ Ամերիկայի կողմէ հակահայ բռնութիւններուն հանդէպ հանդուրժողականութեան մասին», ըսաւ Համբարեան՝ աւելցնելով․ «Այս քայլը արտացոլացումն է անոր առաջին վարչակազմին ամօթալի լռութեան եւ մեղսակցութեան»:
Առաջին պաշտօնավարութեան ընթացքին, Թրամփ մերժած էր ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ամերիկեան աննախադէպ ռազմական աջակցութիւն տրամադրած էր Պաքուին, երբ վերջինս իր ցեղասպանական յարձակումը իրականացուց Արցախի հայութեան վրայ։ Ան նաեւ Պաքուն պատասխանատուութեան չենթարկեց 2020ի փաստագրուած պատերազմական ոճիրներուն համար, որոնք առաջնորդեցին 2023ի Արցախի ցեղասպանական ցեղային զտումին:
Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու՝ Թրամփի որոշումը կը հակասէ Սպիտակ տան, Քոնկրեսին եւ 50 նահանգներու պաշտօնական ճանաչումներուն:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նախագահ Թրամփին կոչ կ՛ընէ՝ յարգել իր խոստումը եւ առաջնորդել ամերիկեան քաղաքականութեան արմատական վերանայումը՝ Թուրքիոյ եւ Հարաւային Կովկասի հանդէպ, վերջ տալ ցեղասպանութեան ժխտումին մէջ ամերիկեան մեղսակցութեան, հաշուետուութիւն պահանջել Ցեղասպանութիւնը իրագործողներէն եւ ապահովել խաղաղութիւն՝ հիմնուած արդարութեան եւ Արցախի քրիստոնեայ հայ ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքին վրայ: