Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ ընդլայնուած ձեւաչափով հանդիպում մը Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Քայա Քալլասի միջեւ: Այլ հարցերու կողքին քննարկուեցաւ նաեւ տարածաշրջանի իրավիճակը։
«Պայրամով վերահաստատեց Ատրպէյճանի անսասան եւ սկզբունքային դիրքորոշումը առ այն, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը` Ատրպէյճանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յաւակնութիւններու վերացման նպատակով, նախապայման է խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան համար», կ՛ըսուի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան այս առիթով հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Քալլաս յայտնեց, որ Ատրպէյճան կարեւոր գործընկեր է տարածաշրջանին մէջ եւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման ակնկալութիւններ ունի: «Մեր յարաբերութիւնները կը զարգանան երկկողմ կերպով: Եւրոպական Միութիւնը Ատրպէյճանի առեւտրական մեծագոյն գործընկերն է: Մենք բարձր կը գնահատենք հակամարտութիւններու հետքերը վերացնելու եւ կեանքեր փրկելու ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքը», ըսաւ Քալլաս՝ աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ բռնագրաւուած Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներուն:
Ան հաստատեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան համաձայնագիրի ձեռքբերման: «Մենք կը շարունակենք մեր ջանքերը տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար», ըսաւ Քալլաս։