ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Ապրիլ 21ին, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի նախաձեռնութեամբ, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի Յուշապատին մէջ տեղի ունեցաւ սքանտինաւցի նշանաւոր միսիոներուհիներ Մարիա Եակոբսընի եւ Ալմա Եոհանսընի գերեզմաններէն բերուած հողի ամփոփման եւ յուշատախտակներու տեղադրման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ըստ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տեղեկութիւններուն, այս արարողութեան մասնակցելու համար, Հայաստան ժամանած են սքանտինաւեան երկիրներու քաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ Շուէտի խորհրդարանի պատգամաւորներ:
Միսիոներուհիներու գերեզմաններէն բերուած հողին ամփոփումը ուղեկցուեցաւ հոգեհանգիստի արարողութեամբ՝ հայերէն եւ շուէտերէն լեզուներով:
Հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին, սքանտինաւեան երկիրներէն ժամանած հիւրերը Յիշողութեան պուրակին մէջ տնկեցին սքանտինաւեան ծառը, ի յիշատակ սքանտինաւցի հայասէրներու: