
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Թրքական MKEK ընկերութիւնը Ատրպէյճանի հետ կը քննէ հրաձգային զէնքի ու ռազմամթերքի համատեղ արտադրութիւն կազմակերպելու հարցեր: Ատրպէյճանի ռազմական արդիւնաբերութեան նախարարութեան եւ թրքական ընկերութեան միջեւ համաձայնագիր ստորագրուած է համատեղ զէնք ու զինամթերք արտադրելու համար: Ներկայիս կ՛արտադրուին տարբեր տրամաչափի փամփուշտներ, իսկ 2011էն սկսեալ կը նախատեսուի նոր զինատեսակներու համատեղ արտադրութիւն, մասնաւորապէս՝ դիպուկահարային հրացաններ, մերձամարտի համար նախատեսուած ատրճանակներ ու ռումբեր:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի ելեւմուտքի նախարար Շամիր Շերիֆով ըսաւ, որ 2011ի պաշտպանութեան ծախսերը պիտի հասնին 3.1 միլիառ տոլարի, որուն մօտաւորապէս կէսը պիտի յատկացուի բանակը արդիականացնելու ու նոր զէնքեր գնելու հրամայականին։
Միջազգային դէտերու կարծիքով, Ատրպէյճանը այս կերպով կ՛ուզէ վախցնել Հայաստանի աչքը։
Արդարեւ Ատրպէյճանի Ազգային ռազմավարութեան հետազօտութեանց կեդրոնի նախագահ Նաթիկ Միրի ըսաւ, որ ասիկա կարեւոր ազդարարութիւն մըն է, որ կը կատարուի Հայաստանի հասցէին։ «Կը մտածենք, թէ ասիկա ճիշդ քայլ մըն է: Հայաստանի մամուլին մէջ հրատարակուասծ լուրերն ալ մեր այս ըսածը կը հաստատեն. կը նշանակէ, որ ազդարարութիւնը իր հասցէին հասած է։ Այս որոշումէն ետք անշուշտ դիւանագիտական եռուզեռը աւելի պիտի աշխուժանայ։ Մինչեւ տարեվերջ պատրաստուած պիտի ըլլայ ճամբու նոր քարտէսը», ըսաւ Միրի։
Ազերի մասնագէտը դիտել տուաւ, որ երբ դիւանագիտական բանակցութիւնները անելի մատնուին, սեղանին վրայ պիտի դրուի զինուորական լուծման ծրագիրը։