
Սիրելի հայրենակիցներ,
Արդէն սկսած է «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի հերթական դրամահաւաքը, որ Նոյեմբեր 25ին թելեթոնով պիտի եզրափակուի Միացեալ Նահանգներու տարածքին:
Դրամահաւաքին նպատակը այս անգամ եւս կը մնայ նոյնը՝ մասնակցիլ Արցախի բարգաւաճման եւ տնտեսական վերելքին. աւելի ճշգրիտ բնորոշումով՝ այս անգամ աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ջրամատակարարման ծրագիրներուն:
Արցախը ազատագրուեցաւ Արցախի հայութեան ազատատենչ մարտունակութեան եւ համայն հայութեան այդ պայքարին ցուցաբերած գործօն զօրակցութեան շնորհիւ: Այսօր, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը իրողութիւն է. ան արժանի է մնալու հայութեան ուշադրութեան եւ գուրգուրանքի առարկան։
Մենք պարտաւոր ենք կարելին ու անկարելին ընել Արցախի համար. պարտաւոր ենք շէնցնել, պաշտպանել վերջին դարերու մեր ամենամեծ յաղթանակի գրաւականը։
Իւրաքանչիւրիս պարտքն է կանգնիլ արցախահայութեան կողքին, յատկապէս այսօր, երբ Արցախի հարցի քաղաքական լուծումը դեռեւս դժուար բանակցութիւններու առարկայ է:
Հետեւաբար, Արցախին տրուած նիւթական որեւէ օժանդակութիւն ունի նաեւ քաղաքական իմաստով բարոյական արժէք: Ան համահայկական շարունակուող զօրակցութեան արտայայտութիւնն է Արցախի ազատագրութեան դատին:
Արցախը վերջնականօրէն ազատագրուած կ՛ըլլայ, երբ ան ինքզինք պարտադրէ քաղաքական միջազգային ընտանիքին՝ իբրեւ պետական անկախ միաւոր: Այդ նպատակին հասնելու համար, կարեւոր է համայն հայութեան արթնամտութիւնն ու անոր կարողականութեան նպատակասլաց գործածութիւնը:
Այս է պատճառը, որ ընթացող դրամահաւաքին ընթացքին հաւաքուած գումարին չափէն աւելի կարեւոր է դրամահաւաքի մասնակիցներուն թիւը՝ իբրեւ ապացոյց հայութեան միասնական կամքին:
Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք բոլորին խուռներամ ու առատաձեռն կերպով մասնակցելու համահայկական այս նախաձեռնութեան:
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐՕ
19 Հոկտեմբեր, 2010