Երեւանի մէջ գործող Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան շէնքը, որ Արցախի կառավարութեան սեփականութիւնն էր, անցած է Հայաստանի կառավարութեան տնօրինման:
Ըստ «Փաստինֆօ»ի ունեցած տեղեկութիւններուն՝ տակաւին 5 տարիներ առաջ, Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան շէնքը 800 հազար տոլարով գրաւադրած էր «Արցախաբանկ»ին մէջ: Ինչպէս յայտնի է` նախորդ շաբաթ Ազգային ժողովը քննարկումներէ ետք լրացումներ կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական օրէնսգիրքին մէջ, ինչպէս նաեւ «Իրաւաբանական անձանց պետական գրանցման, իրաւաբանական անձանց առանձնացուած ստորաբաժանումների, հիմնարկների եւ անհատ ձեռնարկատէրերի պետական հաշուառման մասինէ օրէնքում լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքին մէջ: Ըստ այդմ` Արցախի մէջ արձանագրուած կազմակերպութիւններուն ժամանակ տրուած է մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2024, որպէսզի անոնք դարձեալ արձանագրուին Հայաստանի մէջ՝ իրենց աշխատանքը շարունակելու համար:
«Հարց էր առաջացել այն գոյքերի հետ կապուած, որոնք Հայաստանում են եւ որեւէ ձեւով ծանրաբեռնուած են գոյութիւն ունեցող պարտաւորութիւններով: Փոփոխութիւնների հիմնական թէզն այն է, որ հաշուի առնելով, որ Հայաստանում գտնուող գոյքերը գոյքերը շարունակում են մնալ գրաւի առարկայ, իսկ ՀՀ կառավարութիւնը գնել է որոշ պարտաւորութիւններ, ապա այդ գոյքերի գրաւի տեսանկիւնից գոյքերի նկատմամբ իրաւունքները փոխանցւում են կառավարութիւնը», կը յայտնէ «Փաստինֆօ»ն: