ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Սեպտեմբեր 9ին, Հայաստանի կառավարութիւնը դեսպանատուներ կը հաստատէ Հոլանտայիո եւ Ճափոնի մէջ:
Հոլանտայի մէջ դեսպանատան 2010ի վեցամսեայ գործունէութեան համար պիտի յատկացուի 126 հազար եուրօ, իսկ Ճափոնի մէջ հինգամսեայ գործունէութեան համար՝ 385 հազար տոլար:
Երկու դեսպանատուներուն մէջ պիտի աշխատին երկուքական դիւանագէտներ եւ վարչատնտեսական անձնակազմի երկուքական աշխատակից։
Ճափոնի մէջ դեսպանատան համար պիտի յատկացուի լրացուցիչ 180 հազար տոլարի գումար՝ ինքնաշարժի ձեռքբերման եւ այլ ծախսերու համար, մինչ Հոլանտայի մէջ դեսպանատան՝ ընդամէնը 13 հազար եուրօ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.