ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Սեպտեմբեր 8ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին գերմանացի լրագրող, «անիմացիոն» (animation) քննադատ Եոհաննէս Ուոլթըրզ յայտնած է, թէ իրեն համար շատ հաճելի է «ReAnimania» փառատօնը, որուն կազմակերպիչները կատարած են հիանալի աշխատանք։ Ան ընդգծած է, թէ հետագային եւս հաճոյքով կ՛ուզէ համագործակցիլ սոյն փառատօնին հետ:
«Մենք հեռուն գնացող փլաններ (ծրագիրներ) ունենք՝ Եոհաննէս Ուոլթըրզի հետ կապուած, եւ յոյսով ենք, որ նա կը դառնայ փառատօնի օտարերկրացի խորհրդատուն, քանի որ նա հանրայայտ անիմաթորների հետ շփման մեծ փորձ ունի եւ հնարաւոր է, որ ապագայում հէնց նա հրաւիրի նրանց մասնակցելու «ReAnimania»ին: Կարծում եմ, որ մենք մշտական գործընկերներ կը դառնանք», յայտնած է փառատօնի նախագահ Վրէժ Քասունի:
Նոյն օրը, Ուոլթըրզ, «Նարեկացի» արուեստի կեդրոնին մէջ լրագրողներու համար իրականացուցած է վարպետութեան դասընթացք: Հետեւող մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ան նշած է, թէ այնտեղ քննարկուած են շատ կարեւոր ու հետաքրքրական թեմաներ: «Ես կը կարծեմ, որ «անիմացիա»ն մեծ արուեստ է: Անիկա եզակի լեզու ունի. կարելի է անիմացիոն շարժանկար նկարահանել՝ նուազագոյն չափի հնչիւններով ու երկխօսութիւններով, սակայ շատ բան ըսել: Անոր օրինակն է ֆրանսական «Իլիւզիոնիստ» շարժանկարը», ըսած է քննադատը՝ խոստանալով անպայման գրել հայ «անիմաթորներ»ու աշխատանքներուն մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.