ԹԵԼ ԱՒԻՒ.- Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասը ուղղակի բանակցութեան մէջ մտնել համոզելու համար, երէկ յայտարարեց, թէ Իսրայէլ պատրաստ է Այսրյորդանանի մէջ պաղեստինցիներու երթեւեկը դիւրացնելու համար յաւելեալ քայլերու դիմելու։
«Համաս» շարժումի ղեկավարներէն Սալահ Պարտաուիլ, իր կարգին, յայտնեց, որ Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութեան մէջ մտնելը պաղեստինեան ժողովուրդին հաշւոյն գործուած մեծ ոճիր մըն է, մանաւանդ՝ պաղեստինեան սրբութեանց դէմ, հրէականացման, պաշարման արշաւին լոյսին տակ։
Ան Ֆաթհ շարժումին կոչ ուղղեց վերջ տալ ուղղակի կամ անուղղակի բանակցութիւններու խեղկատակութեան, եւ վերադառնալ պաղեստինեան ժողովուրդին գիրկը, կառչիլ պաղեստինեան սկզբունքներուն, «որովհետեւ այդ մէկը իրեն համար աւելի ապահով է»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.