ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ յայտնեց, որ «Իսրայէլի մէջ քաղաքական պարակտումը սուր է. իշխող համախոհութեան բեւեռները զիրար կը խոչընդոտեն ու կարողութիւնը չունին ողջամտութեամբ վարուելու»։
Կիւլ նաեւ ըսաւ, որ Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւնները մերժելով աւելի մեկուսացած ըլլալու Իսրայէլի պատրաստակամութիւնը հասուն վարուելակերպ չէ։ «Իսրայէլ շրջանին մէջ շատ բարեկամներ չունի, իսկ հիմա, ըստ երեւոյթին, կ՛ուզէ Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւններէն ձերբազատիլ», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահը եւ աւելցուց. «Անցեալ Չորեքշաբթի օր Պրիւքսելի մէջ գաղտնի հանդիպումը իսրայէլացինե՛րը խնդրեցին»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.