ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու յայտնեց, թէ Թուրքիոյ կառավարութեան քաղաքականութիւնները պէտք է փոխուին, երբ միջազգային բարդ կացութիւնը փոխուի։
Տաւութօղլու խորհրդարանին մէջ պատասխանեց արտաքին գործոց նախարարութեան կազմակերպական կառոյցին վերաբերեալ օրինագիծին մասին հարցումներու։
«Մենք երբեք չհերքեցինք նախկին կառավարութիւններու ներդրումները, սակայն մենք միշտ ըսինք, որ նոր քաղաքականութեան մը կարիքը կայ։ Հարկ է միջազգային բարդ կացութիւնը վերագնահատման ենթարկել», ըսաւ ան։
«Թուրքիոյ՝ իր հարեւաններուն հետ «զերօ խնդիրներ» քաղաքականութիւնը, ճիշդ քաղաքականութիւն մըն է։ Սակայն այդ չի նշանակեր, թէ հարեւաններու հետ բոլոր հարցերը պիտի լուծուին։ Երբ Սուրիոյ, Յունաստանի, Իրաքի եւ Ռուսիոյ հետ ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդներու մէջ ստորագրուած համաձայնութեանց նայիք, պիտի տեսնէք, թէ Թուրքիոյ կողմէ ի՛նչ իրագործում կատարուեցաւ։ Այս քաղաքականութիւնը պիտի շարունակենք», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Թուրքիա միշտ մեծ հետաքրքրութիւն կ՛ընծայէ իր շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.