ՊԱՂՏԱՏ.- Անձնասպանական գործողութիւն կատարող ահաբեկիչ մը Չորեքշաբթի օր, պայթեցնելով ինքզինք՝ պատճառ դարձած է 28 շիի ուխտաւորներու մահուան:
Պաղտատի մօտակայքը գտնուող Իմամ Մուսա էլ Խատիմիի անուան մզկիթ-սրբատեղի գացող շիի ուխտեալներէն 100 հոգի վիրաւորուած է: Նաեւ հինգ այլ շիի հաւատացեալներ սպաննուած են այլ շրջաններու մէջ կատարուած յարձակումներու պատճառաւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.