ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հինգշաբթի, Ապրիլ 29ին, Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստը նախագահող ֆրանսացի պատգամաւոր Ժան Քլոտ Մինիոն հրապարակած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող յայտարարութիւն մը։ Ան նշած է, որ այդ հռչակագիրը բաց է ստորագրութիւններու համար։ Փաստաթուղթը նախօրէին շրջանառութեան մէջ դրած էր հայկական պատուիրակութիւնը՝ 20է աւելի ստորագրութիւններով:
«Հաշուի առնելով, որ լրացած է Հայկական Ցեղասպանութեան 95ամեակը, եւ արձանագրելով, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը նպաստէ մարդկային արժանապատուութեան յարգման եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման, վկայակոչելով տարբեր երկիրներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ վեհաժողովի ներքոյ ստորագրեալ անդամները վեհաժողովի անդամներուն կոչ կ՛ուղղեն ձեռնարկելու անհրաժեշտ քայլերու, 1915ին Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ։ Այդ փաստը պիտի նպաստէ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնայ նաեւ Թուրքիան, ինչ որ պիտի նպաստէ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ, որուն միացած են 16էն աւելի երկիրներու քանի մը տասնեակ երեսփոխաններ։
Յատկանշական է, որ օրուան նիստը չէ վարած Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի թուրք նախագահ Մեւլուտ Չաւուշօղլուն, շատ հաւանաբար խուսափելու համար այս յայտարարութիւնը ներկայացնելու քայլէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.