«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը, վկայակոչելով ատրպեճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը՝ կը հաղորդէ, որ Ապրիլ 28ին Սթրազպուրկի մէջ Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի ծիրէն ներս հանդիպում ունեցած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւններու ղեկավարները։ Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի թուրք նախագահ Մեւլուտ Չաւուշօղլուն։
Ատրպեճանական պատուիրակութեան ղեկավար Սամետ Սէյիտով տեղեկացուցած է, որ քննուած է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցը։ Ըստ անոր, համաձայնութիւն գոյացած է յաջորդ հանդիպումը կատարելու Յունիսին, ընդլայնուած ձեւաչափով, պատուիրակութիւններուն մէջ ներառելով նաեւ ընդդիմադիր անդամներ:
Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ենթայանձնախումբի վերականգնման, Սէյիտով նշած է, թէ գործընթացը նոր սկսած է եւ պիտի շարունակուի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.