«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Մայիս 6ին նախատեսուած Բրիտանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն թեկնածութիւն դրած են առնուազն երեք հայ թեկնածուներ, բոլորն ալ իշխող Աշխատաւորական կուսակցութեան կողմէ։ Անոնք են՝ Հրաչ Քութարճեան, Քեթրին Առաքելեան, Հաթի Աճտերեան:
Յառաջիկայ շաբթուան ընտրութիւննով, բրիտանացիները մէջտեղ պիտի բերեն 650 երեսփոխաններով նոր խորհրդարան մը։ Ընտրութիւնները Բրիտանիոյ մէջ կը կայանան չորս տարին անգամ մը։
Քեթրին Առաքելեանը «Ազատութիւն» կայանին պատմած է, թէ «Առաքելեան մականունը իրականութեան մէջ կորսուած էր։ Երբ նախնիներս 1915ին Պոլիսէն փախուստ տուին, անոնք այստեղ հասան նաւի մը մէջ պահուըտած, եւ Անգլիոյ մէջ ապրելու համար հրաժարեցան իրենց հայկական մականուններէն։ Երբ ես 22 տարեկան էի, որոշեցի հօրս բրիտանական մականունը փոխարինել մօրս իրական հայկական մականունով»։ Ան վերջերս սկսած է հայերէն սորվելու, Հայաստան չէ այցելած եւ Հայաստանի քաղաքական-տնտեսական վիճակին մասին շատ բան չի գիտեր, սակայն յոյս ունի, որ օր մը Հայաստան-Թուրքիա սահմանը կը բացուի եւ ինք կը կարենայ ինքնաշարժով այցելել Հայաստան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.