ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Այս տարուան Սեպտեմբեր 1ին, Կլէնտէյլի ՀՄԸՄ «Արարատ» մասնաճիւղէն եօթ անդամներ իրականացուցած են Արարատի գագաթը հասնելու իրենց երազը, յաղթահարելով անոր 16,900 ոտք բարձրութիւնը, ուր բարձրացուցին իրենց հետ տարած հայկական եռագոյնը:
Իրենք զիրենք «Արարատ 7» կոչած լեռնագնացութեան այս խումբին անդամները մօտաւորապէս չորս ամիս նախապատրաստական աշխատանք տարած էին իրենց այս ծրագիրը յաջողութեամբ պսակելու նպատակով: Անոնք Երեւանէն ճամբայ ելլելով, Վրրաստանի վրայով հասած են Արարատ լերան ստորոտը, ուրկէ, ուղեցոյցի մը եւ խոհարարի մը ընկերակցութեամբ բարձրացած են գագաթը, յաղթահարելով բնութեան «շնորհած» շարք մը դժուարութիւններ:
Խումբին մաս կը կազմէին Վաչիկ Զաքարեան, Պաղտիկ Տէր Գրիգորեան, Սերոժ Խաչիկեան, Վահիկ Աւանէսեան, Ատիս Զատուրեան, Ռուբիկ Մարտիրոսեան եւ Ռուբիկ Սարեան: