Արմէն Աւ. քհնյ. Իշխանեանի «Կեանքէն էջեր» հատորը, որ լոյս տեսած է Գանատայի մէջ TriA հրատարակչատունէն:
Իւրայատուկ այս գիրքը Արմէն Աւ. քհնյ. Իշխանեանի «Ասպարէզ»ի, «Ազդակ»ի, «Հայրենիք»ի, «Մարմարա»յի եւ այլ օրաթերթերու եւ պարբերականներու մէջ լոյս տեսած գրութիւններու կողքին կը ներառէ նաեւ անտիպ գործեր:
«Սրտի խօսք ընթերցողիս հետ» նախաբանին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ. «Այս գիրքը որքան որ կը պարունակէ մամուլի մէջ լոյս տեսած գրութիւններ, նոյնքան ալ կան անտիպներ:
«Ժամանակի թաւալման հետ, աշխարհ կ՛ենթարկուի վտանգաւոր վերիվայրումներու, որոնք անկասկած իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան մեր Հայրենիքին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին վրայ»:
ԱՄՆի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան, հատորի հրատարակութեան առիթով հեղինակին ուղուած իր նամակին մէջ, ի միջի այլոց կ՛ըսէ. «հաղորդականութիւնը կը զգաս պարզ բառերու ընդմէջէն: Արդէն լեզուն ալ ունի պարզութիւն եւ հիւմըր մը, որ ընթերցողը անմիջականօրէն կը կապէ», եւ քիչ անդին աւելցնելով՝ «Հատորիդ մէջ աչքի կը զարնէ նաեւ անկեղծութիւնդ: Շատ համեստ, քու բառերովդ՝ աղքատ ընդանիքի զաւակ ըլլալդ չես ծածկեր. ընդհակառակը, չքաւորութեան մէջէն վեր կ՛առնես առաքինութիւններ, որոնք միայն խոնարհ մարդոց մօտ կենդանի կը մնան, անկեղծ մարդոց միջեւ հաղորդականութիւն կը ստեղծեն եւ տոկուն ու բարի հոգի ունեցողին երանական թռիչք կու տան»:
Հալէպէն մինչեւ Մոնթրէալ երկարող հարուստ կեանքի մը համով-հոտով դրուագներու պատմումն է Արմէն Աւ. քհնյ. Իշխանեանի «Կեանքէն էջեր»ը: