ՄԱՐԷՆ ԳԱՐԱԼԵԱՆ
ԷՆՍԻՆՕ.- Հոկտեմբեր 31ին, 73 անդամ-անդամուհիներու ներկայութեամբ եւ սիրուած երգիչ Յարութ Փամպուքճեանի գեղեցիկ երգերու կատարողութեամբ, մասնակցութեամբ ատենապետ Սուրէն Գահուէճեանի (ջութակ) եւ Վազգէն Սէփէթճեանի (թմբուկ), «Ֆերահեան» վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ ամերիկեան տարեցներու միութեան Էնսինոյի մասնաճիւղի ամսական հերթական ճաշկերոյթը: Ճաշը հովանաւորեցին Սիրուն Մարոնեան, Շաքէ Ունճեան, Շաքէ Յակոբեան եւ Նազելի Խաչերեան, իրենց ընտանիքներուն յաջողութեան համար:
Ազգային քայլերգներէն ետք, տէր հայրը կատարեց սեղանօրհնէքը, որմէ ետք ատենապետը ճաշկերոյթը բացուած յայտարարեց ու բեմ հրաւիրեց անզուգական երգիչ Յարութ Փամպուքճեանը, որ մէկ ժամուան ընթացքին ճոխացուց սրահը, երգելով եւ պատմելով իր յուշերէն, ու ելոյթը աւարտեց «Մեր հայրենիք» քայլերգով, արժանանալով բուռն ծափողջոյններու:
Ապա ատենապետը բեմ հրաւիրեց Խաչիկ Թանքեանը, որ հրամցուց գեղեցիկ երգեր: Երկու երգերով հանդէս եկաւ նաեւ Սիրան Հալաճեան, իսկ Շողիկ Պետրոսեան ասմունքով բերաւ իր մասնակցութիւնը: Ապա ատենապետ Գահուէճեան ներկայացուց քանի մը երգեր եւ Հոկտեմբեր ամսուան ծնունդներուն համար երգեց տարեդարձի երգը: Կատարուեցաւ վիճակախաղ եւ ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն, բարեմաղթութիւններ կատարելով ատենապետին ու վարչութեան: