ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Մարդիկ առողջ ապրելու համար պարտաւոր են եղեր «Տայէթ» ընել, «Տայէթ»ի համապատասխան ուտել. անհատի մը համար օրական 2000 «քալորի»ն բաւարար է եղեր:
ԶԱՔԱՐ ԶԱՔԱՐԵՆՑ.- Օրական 2000 «քալորի»ին ինչպէ՞ս կարելի է հաշուել. եթէ դեղահատ ըլլայ, որուն վրայ գրուած ըլլայ 200 «քալորի» կամ 500 «քալորի», հասկնալի է. օրական 10 հատ կամ 4 հատ դեղահատ կլլելով՝ պահանջուած սնունդդ կը ստանաս։ «Շոքոլա»ի շապիկին վրայ ալ գրուած կ՛ըլլայ թէ ատիկա քանի՛ «քալորի» ունի, եւ կը գիտնաս օրական քանի «շոքոլա» պէտք է ուտես, որպէսզի հասնի 2000ի: Բայց օրուան ընթացքին նախ կ՛ուտես հաց, ո՛չ կը տեսնես, ոչ ալ կը զգաս թէ քանի՛ «քալորի» պիտի ուտես մէկ ժումի ընթացքին, ու տակաւին սա միայն հացն է, հապա պանի՞րը, որ հայ անհատին համար մեծագոյն հաճոյքն է նախաճաշի, ճաշի եւ ընթրիքի ընթացքին. մանաւանդ տասնեակ տեսակի պանիրներու մէջէն, ի՜նչ գիտնաս ուտելիք պանիրիդ «քալորի»ին չափը:
ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Կայ աւելին: Մարդիկ առողջ ապրելու համար պարտաւոր են եղեր մարզանք ընել եւ օրական կէս ժամէն մէկ ժամ քալել:
ԶԱՔԱՐ ԶԱՔԱՐԵՆՑ.- Օրական ժամ մը քալելը ոչինչ է։ Մեր հին քաղաքներուն մէջ մեր ծնողքը ինքնաշարժ չունէր, մեծով ու պզտիկով օրական մէկ-երկու ժամ կը քալէինք, դպրոց երթալ-գալու։ Երկրորդական ուսումի համար պատանիներն ու երիտասարդները կը քալէին, ճամբորդական դիւրութիւններ չկային, բարձրագոյն ուսումի համար անձնական ինքնաշարժ ունենալ երազելն անգամ ծիծաղելի էր: Միակ երթեւեկելու հաստատուն առարկան… մեր կօշիկներն էին: Մեծերն ալ գործի կ՛երթային ու կը վերադառնային իրենց կօշիկներով։ Ամէնէն երջանիկները անոնք էին, որոնք երթալ-գալու պահուն ունէին խօսակից ճամբու ընկերներ։ Չմոռնանք. այդ մարդիկը սովորութիւն ունէին երեկոները այցելել ակումբ՝ խօսակցելու համար իրենց ընկերներուն հետ: Հեռաձայնը խօսակցելու համար չէր, լսելու համար էր:
Կիրակի օրերը ժողովուրդը խուռներամ, կօշիկներով, կ՛ուղղուէր եկեղեցի: Եկեղեցիէն ետք, պատանիներն ու երիտասարդները իրենք զիրենք յոգնեցնելու համար կօշիկով կը սուրային մարզադաշտ:
Հոս՝ Ամերիկայի մէջ, թաղին մէկ ծայրէն միւսը երթալու համար ինքնաշարժը անհրաժեշտ կը նկատուի: Բժիշկները օրական մէկ ժամ վազել կը թելադրեն գիրուկին՝ աւելորդ միսերը հալեցնելու համար, նոյն թելադրութիւնը կ՛ընեն նիհարներուն՝ անոնց ախորժակը բանալու համար: Ի՞նչ արագութեամբ պէտք է վազէ իւրաքանչիւր հիւանդ, խօսք չկայ: Կը տեսնես մարդը, կինը, նիհարը, գէրը, մեծն ու պզտիկը, կը վազեն հա՛ կը վազեն, «բայց մինչեւ ե՞րբ ու մինչեւ ո՞ւր»:
ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Զաքա՛ր ջան, ուրեմն ըստ քեզի, ամէն մարդ կողքին ունենալու է բժիշկ մը, որ հետը վազվզէ ուր որ երթայ, որպէսզի իր կերածներուն հսկէ, «քալորի»ները հաշուէ, «տայէթ»ը ճշդէ, վազքին արագութիւնը չափէ, ծանրութիւնը կշռէ ու հիւանդին… քսակն ալ նիհարցնէ:
ԶԱՔԱՐ ԶԱՔԱՐԵՆՑ.- Այդպէս մի՛ մտածեր, Ասպե՛տ ջան։ Հոս ամէն մարդ «ինշուրընս» ունի, բժիշկները հիւանդներուն եւ ժողովուրդին նկատմամբ այնքան անգութ չեն, կաթիլ-կաթիլ «տոլարիկ»ներու բնաւ ալ պէտք չունին, անոնք շատ լաւ գիտեն, թէ «տոլար»ները ինչպէ՛ս եւ ուրկէ՛ առատօրէն կը հոսին:
ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Հիմա լաւ մը հասկցայ ըսածներդ, «ինշուրընս» կը նշանակէ «Սոշըլ Սեքիւրիթի», «Մետիքալ», «Մետիքէր», «Սէքշըն էյթ» եւ «Ուէլֆէր»:
(Ձեր արձագանգները կրնաք ղրկել MA@MassisArt.com ելեկտրոնային հասցէին, «Ասպարէզ»ին կամ ալ հեռաձայնելով 818-469-8810 կամ 323-469-8810 թիւերով)