Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան պատուիրակութեամբ մը այցելեց Կլէնտէյլ փոխադրուած Հայաստանի հիւպատոսարան եւ «Տնօրհնէք»ի յատուկ արարողութիւն կատարեց: Հիւպատոսութեան անձնակազմի անդամները, գլխաւորութեամբ Գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանի, սիրով դիմաւորեցին առաջնորդն ու պատուիրակութիւնը: Առաջնորդին գլխաւորութեամբ, «Տնօրհնէք»ի արարողութիւնը սկսաւ միաբերան «Տէրունական աղօթք»ի արտասանութեամբ, որուն յաջորդեց շարականի երգեցողութիւն, Սաղմոսը եւ Ս. Յովհաննու աւետարանէն ընթերցում մը: Առաջնորդը շնորհաւորեց գլխաւոր հիւպատոսն ու անձնակազմը՝ յաջողութիւն մաղթելով անոնց, ապա, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի օրհնութիւնները փոխանցեց անոնց:
Գլխաւոր հիւպատոսը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդին, յուսալով, որ այս օրհնութեամբ, հիւպատոսարանը պիտի սկսի նոր եւ աւելի յաջող ծառայութեան շրջան մը: