Խմբագրութիւնս ստացած է Հրանդ Աճէմեանի «Ակնարկ Միացեալ Նահանգներու Եւ Քանատայի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Պատմութեան» գիրքը, որուն մեկենասութիւնը ստանձնած է իրաւաբան Վարդգէս Եղիայեանը։
Արեւմտահայերէնով եւ անգլերէնով գրուած այս գիրքը, որ կը բաղկանայ 13 գլուխներէ, ժամանակագրական վաւերագրութիւն մըն է ԱՄՆի եւ Քանատայի մէջ Հայ կաթողիկէ համայնքի հաստատման 1896-1981 իբրեւ Ժողովրդապետութիւն, իսկ 1981 Յուլիս 3էն մինչեւ այսօր՝ իբրեւ Առաջնորդութիւն։
Հակառակ բծախնդրօրէն գրուած այս աշխատասիրութեան, նոյնինքն հեղինակին խոստովանութեամբ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Մանուէլ եպս. Պաթաքեանի վկայութեամբ, այս գործը ամբողջական ու կատարեալ չէ, սակայն անիկա հետագայ աշխատասիրութեան ատաղձը եւ մեկնակէտը կը հանդիսանայ։
Հեղինակին հասցէն է՝
Hrant Adjemian
1107 Furman Pl., Glendale, CA 91206