ՃԱՆԸԹԸՆ ԿՈԼՏ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Էլ.Էյ. Ուիքլի».- Էնսինոյի մէջ արդէն իսկ հռչակ ապահոված «Alcazar» ճաշարանը վերջերս նոր մասնաճիւղ մը բացած է Ուէսթուուտի մէջ՝ «Alcazar Express» անունով, որ նուազ մեծ է առաջինէն, սակայն ուտեստեղէնի որակի մակարդակով ետ չի մնար անկէ:
Յատկապէս «մէզէ»ներու պարագային, նոր ճաշարանը, հակառակ նախկինէն նուազ շքեղ ըլլալուն, կրնայ մրցիլ ու նոյնիսկ առաջ անցնիլ Սան Ֆերնանտօ հովիտին մէջ «Հովիտի Զահլէն» պիտակումին արժանացած «Alcazar» ճաշարանէն:
Մեծ թիւով պարսիկ բնակչութեան պատճառով «Թեհրանճելըս» անուան արժանցած շրջանին մէջ արդէն իսկ քանի մը շաբաթներէ ի վեր գործող «Alcazar Express» ճաշարանը կլկլակներ, գինի կամ երգիչներ չունի, սակայն չճզմուած սիսեռով պատրաստուած համմոսին, հայկական երշիկով հարստացած լէպնիին ու լեմոնով ծեփուած ոչխարի լեզուին համեղութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ:
Հակառակ արտաքինով խորովածի սովորական ճաշարանի մը տպաւորութիւնը ձգելուն, «Alcazar Express» ճաշարանը շատ աւելին կը հրամցնէ իր յաճախորդներուն՝ միաժամանակ ապահովելով Լոս Անճելըսի արեւմտեան շրջաններուն մէջ միջին արեւելեան ու հայկական ճաշատեսակի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկը ըլլալուն վաստակը: Ճաշարանին հասցէն է՝ 1303 Westwood Blvd., Westwood: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.al-cazar.com համացանցային կայքը, կամ հեռաձայնել (310) 914-9777 թիւին: