ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Յուլիս 29ին, սփիւռքի նախարարութիւնն ու «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամը ստորագրած են համագործակցութեան յուշագիր մը՝ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման աջակցելու նպատակով:
Ըստ նախարարութեան լրատուական ծառայութեան, նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յայտնած է, թէ «Միայն գիտական եւ կրթական հաստատութիւնների հետ սերտ համագործակցութեան արդիւնքում, մենք կը կարողանանք սփիւռքեան բազմաթիւ եւ բազմաբեւեռ հիմնախնդիրները ուսումնասիրել, քննարկել, վերլուծել, անել առաջարկութիւններ եւ կայացնել որոշումներ»։
«Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի տնօրէն Գագիկ Յարութիւնեանի խօսքերով, յուշագիրը նաեւ պիտի նպաստէ ստեղծելու Սփիւռքի մէջ վերլուծական կեդրոններ, որոնք իրենց կարգին պիտի նպաստեն հայ ներուժի յայտնաբերման եւ ուղղորդման՝ ի շահ հայութեան եւ Հայրենիքի։
Սոյն յուշագիրով կը նախատեսուի նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ նշեալ հիմնադրամին աջակցութեամբ նպաստել սփիւռքագիտութեան զարգացման, սփիւռքագէտներու վերապատրաստման եւ հայագիտութեան զարգացման ուղղուած աշխատանքներուն: