ԱՐՑԱԽ, «Հետք».- ԼՂՀ կառավարութեանն առընթեր զբօսաշրջութեան վարչութեան աշխատողները, Յուլիսի կէսերուն, Ստեփանակերտի Կրկժան թաղամասին մէջ յայտնաբերած են աւերուած վիճակի մէջ գտնուող հայկական եկեղեցի մը:
Ըստ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Սերգէյ Շահուերդեանի, այդ եկեղեցին Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին է, որ կառուցուած է 19րդ դարուն։ Տարածքին մէջ նաեւ յայտնաբերուած են 13րդ դարուն պատկանող խաչքարեր:
Շահուերդեան յայտնած է, որ եկեղեցւոյ մասին տեղեակ չեն եղած նաեւ Ղարաբաղի բնակչութիւնը՝ նոյնիսկ Կրկժանի ազատագրումէն ետք, քանի որ մինչ այդ, այդտեղ բնակուող ատրպէյճանցիները եկեղեցին ախոռի վերածած եւ աւերած էին: Առայժմ կը շարունակուին եկեղեցւոյ տարածքին կատարուող ուսումնասիրութիւնները:
Յիշեցնենք, որ հակառակ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամին, Ղարաբաղի մէջ զբօսաշրջիկներուն թիւը այս տարի աճած է. Ղարաբաղ այցելող զբօսաշրջիկներ կան նաեւ Հայաստանի հանրապետութենէն։
Շահուերդեանի հաւաստումով, այս տարուան ընթացքին պիտի կարենան ապահովել զբօսաշրջութեան զարգացման 2009ի պետական ծրագիրով նախատեսուած զբօսաշրջիկներու թիւի 20-25 տոկոսի աճը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.