ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Յունիս 2ին, Հայաստանի Ազգային ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին ընթացիքն սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշած է, թէ 2008ին սփիւռքի նախարարութեան յատկացուած պետական պիւտճէի 101 միլիոն դրամէն ծախսուած է 80 միլիոն դրամ: Տնտեսումը, ըստ նախարարին, եղած է նախարարութեան չլրացուած աշխատակազմի հաշւոյն:
Ըստ նախարարին, անցած տարուան վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին գնուած է նորաստեղծ նախարարութեան համար անհրաժեշտ գոյք եւ ինքնաշարժ մը, որուն համար ծախսուած է 50 միլիոն դրամ: Դեկտեմբերի վերջաւորութեան նախարարութիւնը կազմակերպած է գիտաժողով մը՝ նուիրուած 1946-48 թուականներու հայրենադարձութեան խնդիրներուն: Իսկ ճարտարապետներու համահայկական համաժողովին համար, ծախսուած է 1.5 միլիոն դրամ, որ արդէն նախատեսուած էր ընթացիկ տարուան պիւտճէին մէջ: