ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արտասահմանցի գործարարները սկսած են առանձնակի հետաքրքրութիւն ցուցաբերել հայաստանեան շարք մը ոլորտներու նկատմամբ: Զարգացման հայկական գործակալութեան (ԶՀԳ) գլխաւոր տնօրէն Ռոպերթ Յարութիւնեան, Յունիս 2ին «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ ճգնաժամը թէեւ ունի բացասական կողմեր, սակայն կան նաեւ անոր դրական գիծերը: Այդ ծիրէն ներս, տարբեր երկիրներ եւ գործարարներ կը փորձեն աշխուժացնել իրենց կապերը, գտնել նոր շուկաներ՝ իրենց դրամագլուխի առաւել արդիւնաւէտ կիրառման համար: Այդ տեսանկիւնէն հետաքրքրութիւնը Հայաստանի հանդէպ զգալիօրէն աճած է, մասնաւորապէս՝ եւրոպական երկիրներու կողմէ: «Մնում է միայն այդ շփումները վերածել կոնկրէտ գործերի եւ բիզնէս-ծրագրերի», աւելցուցած է Յարութիւնեան:
Անոր խօսքով, համաշխարհային ֆինանսատնտեսական ճգնաժամի հիմնական հարուածը Հայաստանին, եւ ընդհանրապէս հարեւան երկիրներուն, պատահած է այս տարուան առաջին եռամսեակին, զոր կարելի է գնահատել իբրեւ ծանր շրջան: Տարուան միւս հատուածին կ՛ակնկալուի իրավիճակի դրական փոփոխութիւն եւ ներդրումներու աճ:
«Միգուցէ չունենանք նախորդ տարուան ծաւալները, սակայն խիստ մեծ անկումներ էլ չեն ենթադրւում», աւելցուցած է ան: Վիճակագրական տուեալներով, այս տարուան առաջին եռամսեակին Հայաստանէն ներս ներդրումները կազմած են շուրջ 160 միլիոն տոլար, մինչդեռ նախորդ տարի ուղղակի ներդրումները Հայաստանի մէջ եղած են բաւական մեծածաւալ՝ շուրջ 1 միլիառ տոլար:
Ճգնաժամի հետեւանքով անկատար մնացած կամ յետաձգուած ծրագիրները կը կազմեն ԶՀԳ ծրագիրներուն մէկ փոքր մասը: Բարձր գիտարուեստի, ոսկեգործութեան եւ ադամանդագործութեան, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսութեան բնագաւառներուն մէջ կը նկատուի աշխուժացման աճ: