ՀԱԼԷՊ.- Վերջերս Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանը յայտարարեց, թէ Չէմպէրճեան եղբայրներու բարերարութեամբ կառուցուած Հալէպի Ազգային կեդրոնական գրադարանը համակարգուելէ եւ դասաւորման աշխատանքը ընթացքի մը մէջ դրուելէ ետք, ընթերցող եւ ուսումնասիրող հասարակութեան առջեւ կը բանայ իր դռները, շաբթուան հինգ օրերու ընթացքին՝ Երկուշաբթիէն Ուրբաթ: