ԵՐԵՒԱՆ, «Առկա».- Արտասահմանէն Հայաստան մասնաւոր անձերու կողմէ դրամատուներու միջոցաւ կատարուած փոխանցումները այս տարուան առաջին կիսամեակին կազմած են 668 միլիոն տոլար, կը յայտնէ «Առկա» լրատուական գործակալութիւնը:
Անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ այդ թիւը աճած է 164 միլիոն տոլարով կամ՝ շուրջ 33 տոկոսով:
Միայն Ռուսիայէն Հայաստան դրամատուներու միջոցաւ, ոչ-առեւտրական բնոյթի փոխանցումներու ծաւալը, այս տարուան առաջին կիսամեակին կազմած է 544 միլիոն տոլար: Այս տուեալը մօտ 40 տոկոսով աւելի է անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ:
Փաստօրէն, Ռուսիայէն Հայաստան սեփական փոխանցումները կը կազմեն ընդհանուր փոխանցումներու 81.5 տոկոսը:
Նոյն ժամանակահատուածին Հայաստանէն արտերկիր փոխանցուած է 112 միլիոն տոլար: