Ապրիլի 24ին, Ֆրանսայի վարչապետ Ֆրանսուա Պայրուի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 110ամեակին նուիրուած պետական արարողութիւնը, կը տեղեկացնէ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը:
Ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն՝ Կոմիտաս վարդապետի արձանին առջեւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին վարչապետը, նախկին վարչապետ Կապրիէլ Աթալ, Փարիզի քաղաքապետ Անն Ւտալկօ, Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան, Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի կողմէ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի փոխնախագահ Հերվէ Մարսել, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահները եւ պետական ու համայնքային այլ գործիչներ։
Ելոյթներով հանդէս եկան CCAF-ի համանախագահները, Փարիզի քաղաքապետը եւ վարչապետը։
Ներկայ էին քանի մը տասնեակ ֆրանսիացի պաշտօնակատարներ՝ Ֆրանսիայի կառավարութեան անդամներ, պատգամաւորներ, ծերակուտականներ, շրջաններու եւ պետական բաժանմունքներու խորհուրդներու անդամներ, քաղաքապետներ, ինչպէս նաեւ՝ դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներ։
Արարողութեան աւարտէն ետք տեղի ունեցաւ աւանդական երթը՝ բազմաթիւ ֆրանսահայերու մասնակցութեամբ։