ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Մինչ պատգամաւորները խորհրդարանի նիստերու դահլիճէն ներս կը քննէին Սեւանայ լիճէն առնուած ջուրի տարեկան առաւելագոյն չափաքանակը 360 միլիոն խորանարդ մեթր (240 միլիոն խորանարդ մեթրի փոխարէն) սահմանելուն վերաբերող օրինագիծը, բնապահպաններն ու հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ երէկ, բողոքի ցոյց կը կատարէին Ազգային ժողովի շէնքին շուրջ:
«Ինչո՞ւ չի ծփում Սեւանը», «Բնութիւնը մենք ենք, եկէք չչորացնենք ինքներս մեզ», «Շահոյթը՝ անհատներին, աւերուած բնութիւնը՝ ժողովրդին». նման ցուցապաստառներով ցուցարարները հաւաքուած էին Ազգային ժողովի մուտքը: «Բացի նրանից, որ պահանջում ենք Ազգային ժողովից դադարեցնել այս օրէնքի ընդունումը, նաեւ իրազեկում ենք բնակչութեանը», Ազատութիւն ռատիօկայանին յայտնած է «Թրանսփարընսի ինթըրնաշընըլ» կազմակերպութեան անդամ Իրինա Կարապետեանը:
Շարունակելով Կարապետեանի միտքը, Թեղուտի պաշտպանութեան խումբի անդամ Հրայր Սաւզեան յայտնած է, որ ցոյցի մասնակիցներուն թիւը շատ աւելի մեծ կ’ըլլար, եթէ մարդիկ տեղեակ ըլլային: «Մարդիկ հակադիր կարծիքը չգիտեն: Հեռուստաընկերութիւններով ոչ մի այլընտրանքային կարծիք չի յայտնւում Սեւանի խնդրի, Թեղուտի խնդրի վերաբերեալ», յայտնած է Սաւզեան:
Օրինագծի քննարկումը խորհրդարանին մէջ սկսած էր երէկ կէսօրին: Քննարկման մասնակից մասնագէտներէն ոմանք եւ որոշ պատգամաւորներ, կը պնդեն, թէ Սեւանէն յաւելեալ ջուր դուրս հանելու որոշումը ոչ թէ գիւղացիական տնտեսութիւններու փրկելն է երաշտէն, այլեւ՝ «լճի մակարդակի բարձրացումը վտանգում է ափամերձ մասնաւոր շինութիւնները» եւ կառավարութիւնը կ’ուզէ պաշտպանել այդ շինութիւններու տէրերուն շահերը:
Քննարկման ներկայ էին նաեւ մասնագէտներ, որոնց պնդումով, Սեւանի ջուրի մակարդակի իջեցումը վտանգաւոր է ոչ միայն Սեւանի համար. «Սեւանը իջեցնելով՝ մենք Երեւանի կլիման ենք փոփոխում», յայտնած է ՄԱԿի երեւանեան գրասենեակի փորձագէտ Քնարիկ Յովհաննիսեանը: «Այս պայմաններում, երբ ունենք կլիմայի տաքացում, մենք պէտք է աւելի շատ մտահոգուած լինենք Սեւանը բարձրացնելու մասին, ոչ թէ իջեցնելու», յայտնած է ան:
Քննարկումները պիտի աւարտին այսօր, ապա օրինագիծը պիտի դրուի քուէարկութեան: