
Հայոց Ցեղասպանութեան 110ամեակին, Յունաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը հանդէս եկաւ զօրակցական արտայայտութիւններով։
Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Քոնստանտինոս Թասուլաս կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Հայոց Ցեղասպանութեան այսօրուան տխուր 110րդ տարելիցին կը յիշենք եւ կը յարգենք մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն յիշատակը: Ոչ միայն մարդոց յիշողութեան, այլ նաեւ մարդկային խիղճին առջեւ ազգային գերագոյն պարտաւորութիւն է վերականգնել պատմական ճշմարտութիւնը եւ մշտապէս զգօն ըլլալ՝ կանխելու համար այսպիսի ահաւոր յանցագործութիւններ»:
«Այսօր յարգանքի տուրք կը մատուցենք 110 տարի առաջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակին` մնալով զգօն՝ բռնութեան եւ անհանդուրժողականութեան բոլոր տեսակներուն դէմ: Յոյները եւ հայերը ժամանակի ընթացքին ունեցած են հասարակաց փորձառութիւններ: Վերջապէս, այստեղ ապաստան գտան հալածանքներու բազմաթիւ զոհերը: Անոնք դարձան մեր ազգային հիւսուածքին մաս եւ մեր հանրութեան ստեղծագործ թեւը», իր ուղերձին մէջ ըսաւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս։
Իսկ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Նիքիթաս Քաքլամանիս իր ուղերձին մէջ ի միջի այլոց կ՛ըսէ հետեւեալը. «110 տարի անցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մեկնարկէն։ Այդ օրը, օսմանեան Պոլսոյ մէջ ձերբակալուեցան, չարչարանքներու ենթարկուեցան եւ սպաննուեցան հայ մտաւորականներուն եւ առաջնորդներուն մեծ մասը: Անոնց հետ կախաղան բարձրացան հարիւրաւոր հայեր: «Հայերու ողջակիզումը» կը հաշուէ 1.5 միլիոն հայերու կեանքը, դառնալով շատերու տարագրութեան եւ տառապանքին պատճառ: Այսուհանդերձ, այս սարսափելի պատմական դէպքերէն 110 տարիներ ետք, Թուրքիա կը շարունակէ յամառօրէն մերժել պատմական ճշմարտութիւնը»:
Ուշագրաւ յայտարարութիւններ կատարեցին նաեւ շարք մը նախարարներ, ներառեալ՝ պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիաս եւ ընկերային հարցերու նախարար Տոմնա Միխայիլիտու, ինչպէս նաեւ քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարներ, բազմաթիւ երեսփոխաններ, նախկին նախարարներ եւ քաղաքապետներ։
Նշենք նաեւ, թէ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Թէոտորոս Ռուսոփուլոս, որ վերջերս անբաղձալի նկատուեցաւ Ատրպէյճանի բռնատէր Իլհամ Ալիեւի կողմէ, Հայոց Ցեղասպանութեան օրը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։