Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Ապրիլ 24ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 110րդ տարելիցին առիթով հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ան կ՛ըսէ հետեւեալը․ «Համաշխարհային Ա. պատերազմի դժուար պայմաններուն մէջ իրենց կեանքերը կորսնցուցած օսմանեան հայերը այս տարի եւս յարգանքով կը յիշեմ եւ անոնց թոռներուն կը յայտնեմ իմ ցաւակցութիւնս»։
Թուրքին եւ անոր «իրագործումներ»ը լորձնաշուրթ կերպով փառաբանելէ ետք, ան Հայոց Ցեղասպանութիւնը «Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջաններուն տեղի ունեցած ապստամբութիւններուն, աճող աւազակախումբերու գործունէութեան, զինեալ խումբերու գործադրած խռովարար գործողութիւններու եւ համաճարակներու» հետեւանք կը նկատէ, դարձեալ ուրանալով պատմական իրողութիւնները։
«Անցեալի ազդու յիշատակները պէտք չէ գերի առնեն «այսօրը եւ ապագան»՝ կը խրատէ Էրտողան։