Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքը 3 Յունուարին, հովուապետական իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Պոլսոյ հայ կաթողիկէ համայնքին, ինչպէս նաեւ կատարեց համայնքի աւագ թեմին նորանշանակ պատրիարքական կառավարիչ Վարդան Ծ. վրդ. Գազանճեանի ծիսական խորհրդանիշներու տուչութիւնը:
Պատրիարքին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` Մեսրոպ Ծ. վրդ. Թօփալեան, Նարեկ Ծ. վրդ. Նամոյեան եւ Մովսէս վրդ. Տօնանեան, որոնք պաշտօնական ընդունելութեան արժանացան` Պոլսոյ աւագ թեմի վաստակաւոր նախկին առաջնորդ Լեւոն արք. Զէքիեանի, Վարդան Ծ. վրդ. Գազանճեանի, Միքայէլ Ուչարի եւ Աբրահամ Ծ. վրդ. Ֆիրաթեանի, Վարդան քհնյ. Քէշիշեանի, ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի Թաղական մարմինին կողմէ:
Բարձրաստիճան հիւրերը ուղղուեցան Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցին, ուր հոգեւոր տէրը արժանացաւ հայ կաթողիկէ համայնքի ջերմ ընդունելութեան, եկեղեցւոյ զանգակները իրենց զուարթ ղօղանջներով աւետեցին ժամանումը պատրիարքին, որ առաջնորդուած քահանաներու եւ գեղաձայն դպիրներու կողմէ` «Հրաշափառ»ի շարականով մուտք գործեց տաճար:
Աւագ խորանին առջեւ աղօթք բարձրացնելէ ետք, Վարդան Ծ. վրդ. Գազանճեան բարի գալուստ մաղթեց պատրիարք հօր` շեշտելով, որ հոն պատրիարքներու տունն է: Հոգեւոր տէրը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց` հոգեւոր եղբայրներուն, հոգաբարձուներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, որոնք մեծ սիրով ընդառաջ ելած էին զինք ընդունելու:
Շաբաթ, 4 Յունուարի առաւօտուն պատրիարքը այցելեց Պոլսոյ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Սահակ Բ. պատրիարքին: Ս. Աստուածածին տաճարին մէջ հովուապետները բարձրացան խորան, տեղի ունեցաւ պատարագի ճաշու մասը: Երկուստեք պատգամներ եւ բարի գալուստի խօսքեր արտասանուեցան` շեշտը դնելով եկեղեցւոյ միութեան եւ եղբայրական յարաբերութեան վրայ:
Կիրակի, 5 Յունուարին Ս. Աստուածածին աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, որ թեմին մեծագոյն տաճարներէն մէկն է, սուրբ պատարագ մատուցեց Վարդան Ծ. վրդ. Գազանճեան` նախագահութեամբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարքի: Առաջնորդ հայրը իր քարոզին մէջ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ ընտրուած է իբրեւ այսպիսի պատմական թեմի մը աթոռին պատրիարքական կառավարիչ, որ մեծ պատիւ ըլլալու կողքին, ծառայութեան մեծ պատասխանատուութիւն է իր ուսերուն, եւ ինք Աստուծոյ եւ իր թեմի զաւակներուն օգնութեամբ պիտի տանի այս գործը:
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք, պատրիարքը հոգեւորական դասուն եւ թաղականներու ընկերակցութեամբ այցելեց Պոլսոյ յոյն ուղղափառ Բարթողոմէոս Տիեզերական պատրիարքին, որ եղբայրական ջերմ ընդունելութիւն ցոյց տուաւ` պանակէ մը նուիրելով հոգեւոր տիրոջ, իսկ հայր Վարդանին` Այա Սոֆիայի խաչին նմանութեամբ լանջախաչ մը: Հոգեւոր տէրը եւ Պոլսոյ թեմի առաջնորդը, իրենց կարգին, նուէրներ յանձնեցին պատրիարք հօր:
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարք նոյն օրը այցելեց նաեւ Օրթաքէօյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որ ներկայիս վերանորոգումի ենթարկուած է հայր Վարդանին եւ տեղւոյն Թաղական մարմինի անդամներուն հսկողութեան տակ:
Երկուշաբթի, 6 Յունուարի կէսօրին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. այցելութիւն տրուեցաւ Պոլսոյ լատին առաջնորդին, եւ այնտեղ եղբայրական ագապ մը տեղի ունեցաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ: Այնուհետեւ հայրապետական շքախումբը մեկնեցաւ դէպի Պոլսոյ կուսակալին նստավայրը, որմէ ետք երեկոյեան ժամը 6ին Յիսուսի Մկրտութեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ Ս. պատարագ մատուցուեցաւ եւ ջրօրհնէք տեղի ունեցաւ Գարաքէօյի Ս. Փրկիչ ամէնէն հին եկեղեցւոյ մէջ: