

21 Յունուարին, Լիոն այցելեցին Ռումանիոյ խորհրդարանի անդամ, նախկին նախարար, գրող, Ռումանիոյ Հայերու եւ գրողներու միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան եւ կինը՝ երգահան Միհայէլա Սթանքուլեսքու-Ոսկանեան։
Ամոլը ընդունուեցաւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Նարինէ Նիկոլեանի կողմէ։
Լիոնի մէջ տեղի ունեցած «Գրողը՝ պատմութեան պատմիչ» բնաբանով երեկոյթին ընթացքին, Վարուժան Ոսկանեան ներկայացուց իր «Շշուկներու Մատեան» ֆրանսերէնի թարգմանուած հատորը (Le Livre des Chuchotements), որ կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառով աշխարհի տարածքին սփռուած հայերու բազմաթիւ սերունդներու եւ անոնց ընտանիքներուն ապրած դաժան իրականութեան մասին:
Հիւրերը իրենց կեցութեան ընթացքին այցելեցին նաեւ Լիոնի եւ Տէսինի հայկական հաստատութիւնները։