Արժանթինի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ երկրին մէջ «ահաբեկչական արարք» ծրագրելու կասկածով ձերբակալած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի քաղաքացի երեք անձեր:
Ապահովական հարցերու նախարարութիւնը նշեց, որ «հաւանական ահաբեկչական բջիջի մը երկիրը հասնիլը վնասազերծեցինք»` նշելով, որ կասկածելիներէն մէկը Վենեզուելայի եւ Քոլոմպիոյ անցագիրներ ունէր: