Չորեքշաբթի, 3 Յունուարի յետմիջօրէին, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներուն առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, իր կողքին ունենալով Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանը եւ վարչութեան անդամներ, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութեան մը գլխաւորութեամբ Աւօ Քէշիշեանի:
Տօնական օրերու փոխադարձ շնորհաւորանքներէ ետք, հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան համահայկական հարցեր, նաեւ Հայաստանի, արցախահայութեան եւ Սփիւռքի գաղութներու կեանքը յուզող զանազան մտահոգութիւններ՝ յուսալով, որ 2024 տարեշրջանը նուազ փոթորկալի ըլլայ համայն հայութեան համար:
Իր խօսքին մէջ, առաջնորդ սրբազանը ողջունեց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի միասնականութեան ոգին եւ 132ամեայ կազմակերպութեան աշխարհասփիւռ անդամներուն մաղթեց համահայկական տեսիլքով առաջնորդուելու ուժ եւ կորով, ներկայ աշխարհին յարիր լեզուով խօսելու իմաստութիւն, ինչպէս նաեւ՝ ազգին ու Հայաստանի դարաւոր իտէալները երիտասարդ եւ պատանի սերունդներուն նորոգ շունչով փոխանցելու նուիրական գործունէութիւն: