Էլիզէի պալատը հաղորդեց, որ Իսրայէլի պատերազմական նախարարաց խորհուրդի անդամ Պենի Կանցի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Իսրայէլին կոչ ուղղեց` «մագլցողական քայլերէ խուսափելու, յատկապէս Լիբանանի մէջ»` աւելցնելով, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ այս պատգամը փոխանցել շրջանին մէջ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով առնչակից կողմերուն:
Մաքրոն դարձեալ կոչ ուղղեց` Իսրայէլի եւ «Համաս»ի միջեւ «մնայուն զինադադար հաստատելու համար աշխատանք տանելու` շրջանային եւ միջազգային բոլոր գործընկերներուն օգնութեամբ»:
Զրոյցը տեղի ունեցաւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ «Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի փոխնախագահ Սալեհ Արուրիի ահաբեկումէն ետք:
«Մաքրոնի հետ քննարկեցի Կազայի մէջ պատերազմի ապագայ փուլերը եւ Լիբանանի մէջ միջազգային դիւանագիտական ջանք թափելու անհրաժեշտութիւնը», իր կարգին յայտնեց Կանց:
Իսրայէլեան տեղեկատուական աղբիւրներ հաստատեցին, որ Իսրայէլ կը պատրաստուի լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութեան կողմէ հզօր հակահարուածի մը, որուն մէջ կը նախատեսէ նաեւ հեռահար հրթիռներու օգտագործումը:
Նշենք, որ «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Չորեքշաբթի երեկոյեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Իսրայէլին կ՛ըսենք. «Սալեհ Արուրիի սպանութեան գործողութիւնը անպատասխան եւ անպատիժ պիտի չմնայ: Ձեր եւ մեր միջեւ կան մարտի դաշտը, օրերը եւ գիշերները: Հարաւային սահմանագիծին վրայ մենք ցարդ կը ճակատինք հաշիւներով ու բախման կանոնները յարգելով եւ այդ պատճառով հսկայ զոհողութիւններ կը մատուցենք»: Սակայն եթէ թշնամին մտածէ Լիբանանի դէմ պատերազմ սանձազերծելու մասին, մեր ճակատումը պիտի ըլլայ առանց կանոններու եւ զսպուածութեան: Ան որ մտածէ մեզի դէմ պատերազմ յայտարարելու մասին, պիտի զղջայ, եւ այդ պատերազմը շատ ծախսալից պիտի ըլլայ: Իսկ եթէ մինչեւ օրս մենք նկատի կ՛ունենանք լիբանանեան ազգային շահերը, երբ երկրին դէմ պատերազմ շղթայազերծուի, Լիբանանի ազգային շահերը պիտի ըլլան ուղղուիլ դէպի պատերազմ եւ մինչեւ վերջին շունչ կռուիլ` առանց կանոններու»:
Իսրայէլեան «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթը, իսրայէլեան սեղմ նախարարաց խորհուրդէն բարձրաստիճան աղբիւր մը մէջբերելով՝ հաղորդեց, որ Իսրայէլ Քոնկոյի եւ այլ երկիրներու հետ բանակցութիւններ կը վարէ, որպէսզի Կազայէն «գաղթականներ ընդունին»:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտարարեց հետեւեալը. «Միացեալ Նահանգները կը մերժէ իսրայէլացի նախարարներու յայտարարութիւնները, որոնք կոչ կ՛ուղղեն պաղեստինցիները Կազայէն դուրս բնակեցնելու»` աւելցնելով. «Կազայի` իբրեւ պաղեստինեան հող պահպանումը կը բխի Իսրայէլի, շրջանի եւ աշխարհի շահերէն»: