Արցախի վրայ Ատրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումին պատճառով, տասնեակներով արցախցիներ, որոնց կարգին մանուկներ եւ կիներ խոշտանգուած են՝ անոնց մարմինները անդամախեղուած են: «Եւ սա վկայում է, որ այս անձինք, բնականաբար, ենթարկուել են իմ կողմից յիշատակուած վերաբերմունքի կոնկրետ (յստակ) տեսակներին, ընդ որում՝ նրանց թւում կան երեխաներ, նրանց թւում կան կանայք», «Ազատութեան» հարցումին իբրեւ պատասխան յայտարարեց Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեան:
Ըստ անոր՝ այս պահուն, յստակ թիւ կարելի չէ նշել, նաեւ բացառուած չէ, որ նման դէպքեր կրնան արձանագրուածէն աւելին ըլլալ: «Մենք այս պահին փորձում ենք իրականացնել փաստահաւաք աշխատանքները, ամփոփել, վերջնական տեսքի բերել, եւ նաեւ դա է պատճառը, որ մեր կողմից ներկայացուած զեկոյցը, յատուկ շեշտադրուած է, որ նաեւ հնարաւոր է, որ այս պահին նախնական բնոյթ կրի, որովհետեւ հետագայում հնարաւոր է, որ դրանում արձանագրուած տեղեկատուութիւնը որոշակի փոփոխութիւնների ենթարկուի», ընդգծեց Մանասեան:
Ռազմական գործողութիւններէն ամիս մը ետք, տակաւին յստակ չէ, թէ քանի՛ բնակիչներ զոհուած են ատրպէյճանցիներու յարձակումներուն պատճառով, խոշտանգման քանի՛ դէպքեր արձանագրուած են:
Աւելի կանուխ, Արցախի ներքին գործոց նախարարութենէն «Ազատութեան» յայտնեցած էին, որ ռազմական գործողութեան եւ 25 Սեպտեմբերին, Ասկերանի վառելանիւթի պահեստի պայթումին պատճառաւ շուրջ 500 անձեր զոհուեցան եւ հարիւրաւոր անձեր վիրաւորուեցան: Պայթումին պատճառով առաւել քան 50 արցախցիներ անյայտ կորսուած կը նկատուին:
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը 19 Հոկտեմբերին յայտնեց, որ արցախցիներու խոշտանգման եւ անոնց նկատմամբ այլ յանցագործութիւններ արձանագրող իր նախնական զեկոյցը իբրեւ հիմնական ապացոյց ներկայացուեցաւ Լա Հէյի դատարանին մէջ՝ Հայաստանը ընդդէմ Ատրպէյճանի գործին մէջ:
«Հրապարակուած զեկոյցը անգլերէնով ոչ միայն ուղարկուել է բոլոր գործընկերներին, այլ ներկայացուել է նաեւ Հաագայի դատարանում՝ որպէս հիմնական ապացոյց: Ի հարկէ, ունի փակ հատուած՝ սա էլ յատուկ շեշտադրեմ», ըսաւ Մանասեան: