Պաքուի մէջ գերի պահուող Արցախի խորհրդարանի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան արդէն 2 անգամ կրցած է կապ հաստատել Երեւան գտնուող իր ընտանիքին հետ եւ նոյնիսկ շնորհաւորած է թոռան տարեդարձը, MediaHub-ին տեղեկացուցին անոր ընտանիքի անդամները:
Որդին՝ Արմէնը, ըսաւ, որ կապի ընթացքին, հայրը հաւաստիացուց, որ լաւ է: Նաեւ, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչին միջոցով լուսանկարներ եւ բժշկական տուեալներ փոխանցուած են ընտանիքին:
Արմէնը նաեւ տեղեկացուց, որ ընտանիքը չէ կորսցուցած Դաւիթ Իշխանեանի վերադարձին գծով լաւատեսութիւնը:
Նշենք, որ Դաւիթ Իշխանեան, Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի հետ՝ 3 Հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ, ապօրինի կերպով ձերբակալուաած էր։
Ան Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնը ստաձնած էր 7 Օգոստոս 2023ին: