Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հրատարակչութեան ծրագիրի 2022ին մեկնարկած «Հայ մշակոյթը հանրահռչակող օտարալեզու գրականութեան հրատարակում» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ հրատարակուեցաւ «Հայաստանի Պատմական Եւ Մշակութային Ժառանգութիւնը» անգլերէն հատորը:
Ըստ նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններու՝ գիտական հանրամատչելի այս ժողովածուն նախատեսուած է ընթերցողներու լայն լսարանի մը համար: Առանձին ամփոփ յօդուածներու մէջ, սակայն գիտական արդի ընկալումներուն համահունչ՝ ներկայացուած է հայ ժողովուրդի մշակութային ինքնատիպ նիւթական եւ հոգեւոր ժառանգութեան ընտրանին:
Ժողովածուն ընթերցող լայն շրջանակներուն կարելիութիւն պիտի ընձեռէ՝ բացայայտելու եւ ճանչնալու հայոց պատմութեան ու մշակոյթի որոշակի շերտերը:
Հրատարակութեան 1000 տպաքանակէն 500ը առաքուած են արտերկրի մէջ գործող 500 գրադարաններու: