
Ուրբաթ, 27 Յունուարին, Փասատինայի «Պլեր» վարժարանի Հայկական ճեմարանին (Blair School Armenian Academy) մէջ, վիշապաքարերու մասին դասախօսութիւն մը տուաւ Երեւանի պետական «Հումանիտար» քոլեճի դասախօս, Պատմա-մշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութեան աշխատակից, հնագէտ, պատմաբան, բազմաթիւ աշխատասիրութիւններու եւ յօդուածներու հեղինակ Արտաւազդ Զաքեան: Հիւր դասախօսին կ՛ընկերակցէր քաղաքիս «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանի տօնրէնուհի Մէկի Մանկասարեան-Կոշին:
Փասատինայի Հայկական ճեմարանը, իր աշակերտներուն հայեցի ամբողջական դաստիարակութիւն եւ ինքնաճանաչում տալու համար՝ կը շարունակէ մասնագէտ դասախօսներ հրաւիրել:
Այս ծրագիրին մէջ, հիւրաբար քաղաքս գտնուող Արտաւազդ Զաքեան եկաւ դպրոցը եւ խօսեցաւ նուազ ծանօթ նիւթի մը՝ վիշապաքարերու մասին:
Հիւր դասախօսը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին եւ դպրոցի գրադարան-լսարանին մէջ հաւաքուած հետաքրքիր աշակերտներու ներկայութեան համար, ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց իր աշխատանքի ասպարէզը՝ բազմաթիւ արգելոց-թանգարաններուն եւ յատկապէս Մեծամօրի ամրոց-բնակավայրին մէջ իր կատարած աշխատանքները:

Վիշապաքարերուն նուիրուած հիմնական դասախօսութեան մէջ ան լուսանկարներով ցոյց տուաւ վիշապաքարերու ընտիր նմոյշներ, կատարեց նախադարեան այդ վիթխարի յուշակոթողներու նկարագրութիւնը, խօսեցաւ անոնց պաշտամունքային եւ ծիսական նշանակութեան մասին ու բացատրեց նաեւ, թէ այսօր վիշապաքարերը ինչպէս կը ցանկագրուին, կը պահպանուին եւ նոյնիսկ հանրային ու միջազգային ցուցադրութիւններու մաս կը կազմեն: Բանախօսը նշեց, թէ վիշապաքարերը իւրայատուկ են Հայկական լեռնաշխարհին. անոնք կը գտնուին բարձրագոյն լեռներու գագաթներու վրայ, ջրային աղբիւրներու, լիճերու եւ արհեստական ջրամբարներու մօտ: Վիշապաքարերու բարձրութիւնը կը հասնի մինչեւ 5 մ. (15 ոտք): Անոնք միակտոր քարեր են, որոնք ունին ձուկի կամ ցուլի տեսք, ինչպէս նաեւ՝ օձ, արագիլ եւ այլ կենդանիներ պատկերող քանդակներ:
Իւրաքանչիւր վիշապաքար ունեցեր է նաեւ արարողական ճանապարհ, ուր, ըստ պատմաբաններու, հանդիսաւոր թափօրներ կատարուած են:
Ապա Զաքեան ցուցադրեց երկու տեղեկատուական շարժապատկերներ, որոնց մէջ Արագած եւ Գեղամայ լեռներուն խոնարհած վիշապաքարեր, արշաւախումբի աշխատանքին շնորհիւ կը կանգնին եւ կը դառնան զբօսաշրջիկներու համար հետաքրքրութեան նոր կէտեր:
Մասնագէտները կը կատարեն նաեւ վիշապաքարերու քարտիսագրութեան աշխատանք: Ըստ անոնց պատրաստած քարտէսին՝ Հայկական լեռնաշխարհն մէջ մինչեւ այսօր յայտնաբերուած են 150 վիշապաքարեր, որոնցմէ 90ը կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս:
Դասախօսութեան աւարտին, աշակերտները հարցումներ ուղղեցին Զաքեանին եւ անոր նուիրեցին շնորհակալական բացիկ մը ու Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ մէջ հայկական գինեգործ ընտանիքի մը կողմէ արտադրուած գինի: Իսկ Զաքեան դպրոցի հայկական գրադարանին նուիրեց Հայաստանի պատմամշակութային յուշարձաններուն նուիրուած պատկերազարդ գիրքերու հաւաքածոյ մը:
(Թղթակցութիւնը՝ դպրոցէն)

