Ճատրակի միջազգային դաշնակցութեան կողմէ հրապարակուած Փետրուար ամսուան տղոց նոր դասաւորման մէջ, Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Եան Նեփոմնիաչցի առաջին անգամ ըլլալով յայտնուեցաւ դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ, ապահովելով 2793 կէտեր:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը մնայ աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն (2852 կէտեր), իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Չինաստանի ներկայացուցիչ Տինկ Լիրեն (2788 կէտեր):
Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականի նախկին յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ այժմ հանդէս կու գայ Միացեալ Նահանգներու դրօշակին տակ, զգալի անկում մը կրելով՝ իջաւ 17րդ դիրքին (2736 կէտեր):
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Գաբրիէլ Սարգսեան կը գրաւէ 41րդ դիրքը (2699 կէտեր), իսկ Հայկ Մ. Մարտիրոսեան` 51րդ դիրքը (2686 կէտեր):
Իր կարգին, 22ամեայ ամերիկահայ Սամուէլ Սեւեան կը մնայ աշխարհի լաւագոյն ճատրակի վարպետներու առաջին յիսնեակին մէջ, 2687 կէտերով գրաւելով 50րդ դիրքը: