ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Եւա Քոփաչ քննարկեցին տարածաշրջանային ապահովութեան հարցեր: Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստանի դիրքորոշումը` տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման վերաբերող քայլերուն եւ Արցախիի հակամարտութեան կարգաւորման նկատմամբ:
Ան ընդգծեց 44օրեայ պատերազմին պատճառով յառաջացած մարդասիրական հարցերու լուծման կարեւորութիւնը, մասնաւորապէս` Ատրպէյճանի կողմէ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիներու վերադարձի, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին Միրզոյեան ներկայացուց նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները:
Միրզոյեան Պրիւքսէլ կը գտնուի՝ մասնակցելու Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան խորհուրդի 4րդ նիստին: