ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմի մթնոլորտին մէջ, Շուէտի եւ Ֆինլանտայի ՆԱԹՕի անդամակցութեան հեռանկարին դէմ Թուրքիոյ կողմէ արտայայտուած վերապահութիւնը ռումբի ազդեցութիւն գործեց միջազգային բեմին վրայ։ Անգարայի վերապահութիւնները յաղթահարելու համար, Սթոքհոլմէն պատուիրակութիւն մը կը պատրաստուի այցելութեան փութալ՝ քննարկելու համար հարցերը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, թրքական կողմը կը մնայ անդրդուելի, հակառակ քանի մը օր առաջ ցուցաբերած որոշ մեղմացումին։
Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան դարձեալ խօսեցաւ այս մասին եւ կրկնեց, որ Թուրքիա հաւանութիւն պիտի չտայ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի ՆԱԹՕի անդամակցութեան։ «Թող բնաւ չգան մեզի համոզելու համար, թող չյոգնին», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ Շուէտը «ահաբեկչական» կազմակերպութիւններու կեդրոն մըն է։
«Իրենց խորհրդարանին մէջ կը խօսեցնեն ասոնց («ահաբեկիչ»ները)։ Նոյնիսկ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կողմնակից ահաբեկիչներ կան իրենց խորհրդարանին մէջ։ Մեզի համոզելո՞ւ պիտի գան. թող չյոգնին։ Նախ եւ առաջ, հաւանութիւն չենք տար, որ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ գործադրողները մուտք գործեն ՆԱԹՕ, որ ապահովական կազմակերպութիւն մըն է։ Որովհետեւ այդ ժամանակ ՆԱԹՕն պիտի վերածուի վայրի մը, ուր կը խտանան ահաբեկիչներու ներկայացուցիչները», ըսաւ Էրտողան։
Միւս կողմէ, այս հարցին կապակցութեամբ հեռաձայնային զրոյց մըն տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի եւ ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի միջեւ։ Այս առթիւ, Սթոլթենպերկ յայտնեց, որ Թուրքիա կարեւոր դաշնակից մըն է եւ պէտք է յաղթահարուին անոր ապահովական մտահոգութիւնները։ «Այս պատմական պահուն պէտք է կանգնինք կողք կողքի», ըսաւ Սթոլթենպերկ։
Միւս կողմէ, «Հապեր» կայանը կը հաղորդէ, թէ Ֆինլանտայի եւ Շուէտի իշխանութիւնները հրաժարեցան բաւարարելէ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչութեան կասկածով 33 անձերու արտայանձնման խնդրանքը։ Անգարայի կողմէ ահաբեկչական ճանչցուած՝ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան եւ «Ֆեթօ» (կիւլենական) կազմակերպութեան 33 անդամներուն արտայանձնումի պահանջը Անգարա կը կապէ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի ՆԱԹՕի անդամակցութեան դիմումին հետ։