Հարաւային Քալիֆորնիոյ Արթիժա քաղաքը անցեալ շաբաթ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն յանձնեց քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ վաւերացուած եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող ու «Հայկական ժառանգութեան ամիս» հռչակող բանաձեւը։
Բանաձեւին վաւերացումէն առաջ, զգացական ելոյթ մը ունեցած էր քաղաքապետ Մելիսա Ռամոսոն, իսկ բանաձեւը ներկայացուած էր քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ալի Թաժի կողմէ։
Յանձնումի արարողութեան ներկայ էին նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտաշէս Քասախեան, Մոնթեպելլոյի նախկին քաղաքապետ Ճեք Հաճինեան եւ Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները։