

Ուրբաթ, 13 Մայիսի առաւօտեան, Ազգային առաջնորդարան այցելեցին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս, Տօնոյեանի հետ հանդիպում ունեցան Օրենճ Քաունթիի Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանի 5րդ եւ 6րդ կարգերու աշակերտները, ընկերակցութեամբ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեանի, վարժարանի տնօրէնուհի Անի Շահինեան Սարգիսեանի, ուսուցիչներու եւ ծնողներու:
Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, պատանի աշակերտները առաջնորդ սրբազան հօր ի պատիւ ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որ ընդգրկեց խմբական արտասանութիւն եւ երգեր, ապա փոքրիկ այցելուները սրբազան հօր նուիրեցին յուշանուէր մը:
Առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց աշակերտները՝ իրենց տարիքին բաղդատած բաւական բարդ կատարումներուն համար եւ շնորհաւորեց զիրենք՝ իրենց սորվելու պատրաստակամութեան եւ ճոխ յայտագիրի ներկայացման առիթով: Ան նաեւ գնահատեց վարժարանի տնօրէնուհին եւ ուսուցիչները՝ իրենց ի գործ դրած ջանքին եւ հետեւողական աշխատանքին համար, ապա նոր սերունդի սիրասուն ներկայացուցիչներուն ուղղելով իր խօսքը՝ յորդորեց զանոնք հպարտանալու իրենց հայկական պատկանելիութեամբ, վարժարանով, հայերէնի իմացութեամբ եւ թելադրեց միշտ երգել ու պարել հայերէնով, որովհետեւ օտար լեզու գիտնալը աշխարհի բոլոր մարդերուն համար է, մինչ հայերէն գիտնալը, հայկական երաժշտութեամբ ու հայ արժէքներով ապրիլը հա՛յ աշակերտին տրուած շնորհ է:
Հանդիպման աւարտին, սրբազան հայրը բոլորին բաշխեց վզի փայտեայ խաչեր, հայրական իր օրհնութիւններուն առընթեր:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

