ՊՈԼԻՍ, «Ակօս»․- Հրանդ Տինքի սպանութեան 15րդ տարելիցին առիթով, անոր կեանքը եւ պայքարը ներկայացնող ցուցահանդէսը կը սկսի իր ուղեւորութիւնը Պոլիսէն Երեւան։ «Հրանդ Տինք. հոս եւ հիմա» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ 7 Մայիսին եւ բաց պիտի մնայ մինչեւ 30 Յուլիս, Նորարար փորձառական արուեստին մէջ (ՆՓԱԿ)։
Ցուցահանդէսին կից կը կազմակերպուին միջոցառումներ ամրան ամիսներուն։
«Հրանդ Տինք. հոս եւ հիմա» ցուցահանդէսը կազմակերպելը կարելի դարձած է «Քրեստ» հիմնարկի եւ «Ուլոֆ Պալմէ» միջազգային կենդրոնին աջակցութեամբ։