
ՄԱՐԻ ՔԱՐԲԱՆԵԱՆ

Համազգայինի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Գրական միաւորին նախաձեռնութեամբ Հինգշաբթի, 10 Ապրիլին, Համազգային «Արիս Սթամպօլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Սահմանելի» գիրքին շնորհահանդէսը։
Հոծ բազմութեան մը ներկայութիւնը կար՝ համազգայնականներու, համակիրներու, գրասէրներու եւ մշակութասէր նոր սերունդի ներկայացուցիչներու։
Գրական միաւորիս ատենապետուհի Սոնա Մատարեան ջերմօրէն ողջունեց ներկաները՝ փոխանցելով Ապրիլ ամսուան միտքը եւ պատգամը՝ «ապրելու եւ ապրեցնելու», ինչպէս նաեւ յաւերժացնելու մեր գրական արժէքները, յիշելով ու յարգելով մեր հայ մտաւորականները։ Առ այդ, ան հրաւիրեց միաւորիս անդամուհի Սեդա Մարթիր Մարտիրոսեանը՝ արտասանելու Պարոյր Սեւակի «Վարք Մեծաց» իմաստալից տողերով բանաստեղծութիւնը:
Ապա, Գրական միաւորիս անդամուհի Վանիա Պապիկեան ներկայացուց դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի կենսագրականը։ Տէր Ղուկասեան եղած է դասախօս, յօդուածագիր, հաղորդավար եւ աշխատակցած է « Հորիզոն»ին եւ « Բագին»ին:
Իր խօսքին մէջ, Մատարեան ներկայացուց հեղինակին ստեղծագործելու տաղանդին վրայ խոր ազդեցութիւն ձգած հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն շունչը եւ եռանդը, ապա ան իրենց ելոյթով մասնակցելու հրաւիրեց միաւորիս «նոր շունչը» կազմող երիտասարդները, որոնք փայլքը կազմեցին հանդիսութեան: Վանա Պապիկեան, Ալինա Քէնտիրճեան, Գառնի Պապիկեան եւ Վարանդ Չալքեան հերթով պատառիկներ կարդացին հեղինակին գրական գործէն։ Նաեւ միաւորիս անդամ Մարի Քարբանեան ընթերցեց «Սահմանելի» գիրքին նուիրուած Մարուշ Երամեանի գրախօսականը։
Գիրքը ներկայացնելու համար Մատարեան հրաւիրեց Գրական միաւորիս անդամուհի Անահիտ Մեսրոպեան Ասատուրեանը։ Ստորեւ՝ իր ներկայացման մասին անոր ամփոփ գրութիւնը․
«Տեղ տեղ մէջբերումներ կատարելով բանաստեղծի գրքից, մատնանշուեց, որ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի բանաստեղծութիւններում առկայ է քօղազերծուած մարդկային կենցաղային իրավիճակներ, 21րդ դարու առօրեայ կեանքի տագնապներ, հոգեկան խառն ապրումներ եւ պատերազմների հետեւանքով առաջացած արհաւիրքներ։ Առաւել, նա անդրադարձաւ Տէր Ղուկասեան բանաստեղծի՝ որպէս յանձնառու մտաւորականի աշխարհահայեացքին եւ մտահոգութիւններին եւ «սփիւռքահայ» լինելուն եւ օտար ափերում մայրենի լեզուի, ի մասնաւորի արեւմտահայերէնի պահպանման հրամայականին եւ անհրաժեշտութեան՝ սփիւռքահայութեան յարատեւման համար»։



Գիրքին ներկայացումը կատարուեցաւ հաճելի եւ դիւրահաղորդ ձեւով։ Ակներեւ էր հոն կատարուած լուրջ ուսումնասիրութիւնը։
Գիրքին ներկայացումը արժանացաւ ներկաներուն բարձր գնահատանքին, մասնաւորաբար հեղինակին, որ ջերմօրէն շնորհաւորեց Անահիտ Ասատրեանը։
Աւարտին, յարգարժան հեղինակը իր սրտի անհուն գոհունակութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց Գրական միաւորիս՝ այս գեղեցիկ շնորհահանդէսին համար։
Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Չուխաճեան անհուն ուրախութեամբ շնորհաւորեց միաւորին տարած աշխատանքները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց յարատեւ զօրավիգ կանգնելու։
Ներկաները հոգեպէս լիացած, գրական վայելքի պահ մը ապրելով՝ շարունակեցին զրուցել մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ։
Հրաշալի շնորհահանդէս մըն էր այս՝ նուիրուած յարգելի հեղինակին՝ դոտկ․ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանին։


