ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- Երկուշաբթի, 24 Յունուարի երեկոյեան, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաք տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ:
Հաւաքին սկիզբը, վեհափառը յայտնեց «Սփիւռքի տարի»ին մասին կատարուելիք աշխատանքներուն ու զանոնք արժեւորելու անհրաժեշտութեան մասին: Այս ուղղութեամբ ան ընդգծեց հոգեմտաւոր առաքելութեան կենսունակութիւնը՝ յայտնելով, որ մեր առաքելութիւնը առաւել եւս պէտք է կեդրոնացնել Սփիւռքի վերակազմակերպման գործընթացին վրայ։
Այս առիթով, վեհափառը անդրադարձաւ 1 Յուլիս 2022ին տեղի ունենալիք Միւռոնօրհութեան եւ Միաբանական Ընդհանուր ժողովին: Ան ըսաւ, որ Ս. Աթոռին ծառայական առաքելութեան մէջ իրենց իւրայատուկ տեղն ու դերը ունեցող յիշեալ եկեղեցական արարողութիւնը եւ միաբանական համախմբումը խթան պիտի հանդիսանան վերաժեւորելու ծառայիւթիւնը եւ նոր թափ տալու Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներուն։ Հայրապետը այս առիթով յայտնեց, որ նոր յանձնախումբեր պիտի յառաջանան, միաբան հայրերէ բաղկացած, որպէսզի առաւելագոյն չափով կազմակերպուին յիշեալ ծրագիրները իրականացնելու աշխատանքները։
Աւարտին, կաթողիկոսը կատարեց վանական կեանքի պաշօններու նոր նշանակումներ։ Կոմիտաս արք. Օհանեան նշանակուեցաւ Մայր տաճարի լուսարարապետ, իսկ Մակար եպս. Աշգարեան՝ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ։
Հուսկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան սովորութեան համաձայն, միաբան հայրերը երգեցին «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականը՝ բարի երթ մաղթելով հովուական ծառայութեան մեկնելու պատրաստ երեք միաբան հայրերուն: